2014-07-28 09:25:11

Վատիկանը 30 հազար եւրօ տրամադրած է Մուսուլէն արտահան քրիստոնեաներուն` որպէս հալածուած քրիստոնեաներուն առաջին օգնութիւն։


Վատիկանի ''ՄԷկ Սիրտ'' կոչուած բարեսիրական մարմինը 30 հազար եւրօ շնորհած է Մուսուլէն արտահան եղած քրիստոնեաներուն` գումարը ուղարկուած է Իրաքի առաքելական դեսպանին, որպէսզի իր կարգին յանձնէ տեղական Քարիթասին։ Նշենք որ անցեալ 22 Յուլիս 2014 –ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունած է Իրաքի մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Ճորճօ Լինկուան իսկ Կիրակի, 20 Յուլիսին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Սրբազան Հայրը իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես Մուսուլի քրիստոնեաներուն կրած հալածանքին։
Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանի նախագահը` Մասուտ Պարզանի, յայտարարած է որ քիւրտերը պատրաստ են հիւրընկալելու ծայրայեղ մահետականներէն վտարուած քրիստոնեաները։ Խօսքը ուղղելով Քաղտէացի պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյիին ըսաւ. ''քրիստոնեաները պէտք չեն հեռանալ երկրէն, կամ ամէնքս միասին կը մեռնինք, կամ կը շարունակենք արժանաւորութեամբ ապրիլ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.